lunes, 22 de abril de 2019

ԱՐՑԱԽԻ ԱՐՏԳՈՐԾ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԱՒ ԻՐ ԱՅՑԸ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱ

Արցախի ԱրտԳործ նախարար Մասիս Մայիլեան և Ուաշինկթընի մօտ Արցախի Հանրապետութեան գրասենեակի պատասխանատու Ռոպերթ Աւետիսեան ժամանեցին Պուէնոս Այրէս` տեղւոյն հայ համայնքի հաստատութիւններու (ԻԱՐԱ իր սպաներէն սկզբնատառերով) հրաւէրով։ Արցախի պատուիրակութեան մաս կը կազմէ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ և Արցախի Խորհրդարանի պատգամաւոր Դաւիթ իշխանեան։ Այցելութիւնը կ'ընդգրկէ նաև Ուրուկուայը։ Երկու երկիրներուն մէջ նախատեսուած է արցախցի ղեկավարներու հանդիպումներ համայնքային կազմակերպութիւնների, քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ, մասնակցութիւն` Ցեղասպանութեան 104ամեակի տարբեր ձեռնարկներու և հանրային զանազան ելոյթներ։
Fuente: Prensa Armenia